Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com
Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը հրատարակած է Աւրորա Մարտիկանեանի «Յօշոտուած Հայաստան» գիրքը հայերէն թարգմանութեամբ: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը՝ թանգարան-հիմնարկէն յայտնած են, որ գիրքը կը ներկայացնէ Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրած դեռատի հայուհիին` Աւրորա Մարտիկանեանի (Արշալոյս Մարտիկեան) յուշերը իր եւ իր տարագիր, բռնագաղթեալ ժողովուրդին անցած տանջալից, անմարդկային փորձութիւններով լի ճանապարհի մասին:
Վերապրածներու հազարաւոր յուշպատմութիւններ կան` իրենց ժառանգներուն փոխանցուած, սակայն Աւրորայի պատմութիւնը ուշագրաւ առանձնայատկութիւն ունի. հրաշքով փրկուած Արշալոյս Մարտիկեանը կը յայտնուի Ա.Մ.Ն., ուր անոր պատմութեան հիման վրայ կը ստեղծուի եւ 1918-ին կը տպագրուի «Յօշոտուած Հայաստան» գիրքը: Նոյն թուականին պաստառ կը բարձրանայ բարեգործական նպատակներով նկարահանուած «Յօշոտուած Հայաստան» («Հոգիներու աճուրդ») համր ֆիլմը, ուր Աւրորային վիճակուած էր մարմնաւորելու իր իսկ կերպարը եւ դառնալու առաջին հայ կինոդերասանուհին:
«Գիրքս կը նուիրեմ այս սքանչելի երկրին` Միացեալ Նահանգներու բոլոր այն մայրերուն ու հայրերուն, որոնք իրենց դուստրերուն դաստիարակած են ճշմարիտ հաւատով առ Աստուած:
«Աչքիս առջեւ մայրիկիս անշնչացած մարմինը` նետուած անապատ այն բանին համար, որ ինծի աւանդած էր չուրանալ Յիսուս Քրիստոսը` մեր Փրկիչը: Ես տեսած եմ տանջամահ եղող հայրս, որ իր փոքրիկ աղջկան պատգամած էր. «Հաւատա՛յ մեր Տիրոջը, թող անոր կամքը կատարուի»: Ես տեսայ հազարաւոր գեղանի մայրերու սիրասուն դուստրեր, որոնք նահատակուեցան թուրքի մտրակին կամ դանակի հարուածներէն, սովէն ու ծարաւէն կամ ալ քշուեցին գերութեան, որովհետեւ չուրացան իրենց քրիստոնէական փառաւոր հաւատքը:
«Աստուած ողորմած եղաւ ինծի հանդէպ եւ խնայեց կեանքս` հնարաւորութիւն տալով ազգիս փրկուած բեկորներուն պատգամը փոխանցելու ամերիկացի ժողովուրդին, որպէսզի ամերիկացի իւրաքանչիւր հայր, իւրաքանչիւր մայր հասկնայ, որ այն, ինչ պիտի պատմեմ այս գիրքի էջերուն մէջ, սիրոյ ու փառաբանութեան խօսք է առ Աստուած… իմ փրկութեան համար:
«Աւրորա Մարտիգանեան Լաթամ, Նիւ Եորք, Դեկտեմբեր, 1918 թուական»: